Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներու արդիւքներուն լոյսին տակ, Լայփցիկ եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Լայփցիկ, որ հիւրը եղաւ Ֆրայպուրկին, տասը մարզիկով արձանագրեց 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմը իր հինգ կոլերն ալ նշանակեց Ա. կիսախաղին, մինչ Ֆրայպուրկ իր ուշացած կոլը նշանակեց 75-րդ վայրկեանին:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ, որ հիւրը եղաւ Շթութկարթին, արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ անոնց միջեւ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 3 յունիսին, Օլիմփիասթատիոն-Պերլինի մարզադաշտին մէջ, որ կրնայ հիւրընկալել 70 հազար հանդիսատես: