Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 2022-2023 տարեշրջանի 33-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլի, որ հիւրը եղաւ Ուտինեզէին (12-րդ), անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հիւրընկալ կազմին կոլը նշանակեց սլովենիացի Սանտի Լովրիչ (13-րդ), մինչ Նափոլիի հաւասարութեան կոլը` նիկերիացի Վիքթոր Օսիմհեն (53-րդ):
Նշանակելով տարեշրջանի իր 22-րդ կոլը, 24 տարեկան Օսիմհեն, որ այժմ կը գրաւէ ռմբաձիգներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը, յաջողեցաւ գերազանցել քամերունցի Սամուէլ Էթուի հաստատած մրցանիշը` տարեշրջանի մը ընթացքին իր նշանակած կոլերու քանակով:
Հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Նափոլի այսպիսով յաջողեցաւ ապահովել ախոյեանութեան տիտղոսը` իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով:
1926-ին հիմնուած Նափոլի նախապէս Իտալիոյ ախոյեան հանդիսացած էր 1986-1987 եւ 1989-1990 տարեշրջաններուն, երբ այդ տարիներուն խումբին մաս կը կազմէր արժանթինցի Տիեկօ Մարատոնա:
Նափոլի, որ այսպիսով ապահովեց տարեշրջանի իր 80-րդ կէտը, անհասանելի դարձաւ իր ամէնէն մօտիկ մրցակիցին` Լացիօ Ռոմայի համար, որ ունի 64 կէտ:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է հինգ հանգրուան միայն, եւ Նափոլի այժմ ունի… 16 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը: