Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 5 մայիսին տեղի պիտի ունենայ բաւական զօրաւոր ճակատում մը, որուն ընթացքին Սաժես-Պէյրութ պիտի մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի ըլլայ կիսաւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը, տեղի պիտի ունենայ առաջինին դաշտին` Ղազիրի մէջ եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:45-ին:
Պէյրութեան այս տերպիի մրցումը անկասկած պիտի ըլլայ հետաքրքրական, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք երկու կազմերուն այս տարեշրջանին կատարած բացառիկ արդիւնքները, որոնց ընթացքին անոնք ցուցաբերեցին շատ լաւ ներկայացումներ:


