Մարզական

Թենիս.  Նովաք Ճոքովիչ Դուրս Մնաց  Հռոմի Մրցաշարքէն

Թենիս. Նովաք Ճոքովիչ Դուրս Մնաց Հռոմի Մրցաշարքէն

Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ չյաջողեցաւ ապահովել Հռոմի Մասթըրզի թենիսի միջազգային մրցաշարքի կիսաւարտականին իր տոմսը, երբ քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին կրեց 2-6, 6-4 եւ 2-6 արդիւնքով պարտութիւն մը, 7-րդ դասուած 20 տարեկան դանիացի Հոլկեր Ռունէէն: Նշենք, որ 35 տարեկան Ճոքովիչ, նախորդ տարուան տիտղոսակիրն էր: Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 7,7 միլիոն...

«Ֆորմիւլա-1.  Իմոլայի Կրան Փրին Չեղեալ Նկատուեցաւ

«Ֆորմիւլա-1. Իմոլայի Կրան Փրին Չեղեալ Նկատուեցաւ

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի կրան փրին, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար այս շաբաթավերջին` Իմոլայի մէջ (Իտալիա), չեղեալ նկատուեցաւ ողողումներուն պատճառով: Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց այդ ողողումներուն պատճառով տուժած բոլոր անձերուն համար: Նշենք, որ 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, վարորդներու պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափեն:  

«Էն. Պի. Էյ.»  Սելթիքս Եւ Լէյքըրզ Պարտուեցան  Աւարտականի Առաջին Մրցումին

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Եւ Լէյքըրզ Պարտուեցան Աւարտականի Առաջին Մրցումին

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Տենվըր Նակեթց (արեւմտեան շրջան) եւ Մայեմի Հիթ (արեւմտեան շրջան) իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրեցին: Նակեթց, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, անոր դէմ արձանագրեց 132-126 արդիւնքով յաղթանակ մը, հակառակ անոր որ Լէյքըրզէն Էնթընի Տէյվիս նշանակեց 40 կէտ: Իսկ Նակեթցէն Նիքոլա Եոքիչ նշանակեց 34 կէտ: Պոսթընի մէջ, Սելթիքս 123-116 արդիւնքով պարտութիւն...

«Չեմփիընզ Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Վիրաւորուեցաւ  Եւ Չկրցաւ Մրցումը Շարունակել

«Չեմփիընզ Լիկ». Հենրիխ Մխիթարեան Վիրաւորուեցաւ Եւ Չկրցաւ Մրցումը Շարունակել

Ինթեր Միլան 13 Տարի Ետք Դարձեալ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի առաջին մրցումին, որ եղաւ զուտ իտալական, իրարու դէմ մրցեցան Միլանօ քաղաքի երկու կազմերը` Ինթեր Միլան եւ Ա. Սէ. Միլան, «Ճիուզեփփէ Մէացցա» մարզադաշտին մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, երթին, Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմը` Ինթեր, արձանագրած էր 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ճնշումը բնականաբար...

Ժորա Այվազեան Պայմանագրութիւն Մը  Կնքեց «Պելլաթոր»-ի Հետ

Ժորա Այվազեան Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց «Պելլաթոր»-ի Հետ

Խառն մենամարտերու թեթեւ քաշային կարգի հայ մարտիկ Ժորա Այվազեան (14-1), որ կը ներկայացնէ Ռուսիան, պայմանագրութիւն մը կնքեց ,Պելլաթոր-ԷՄ.ԷՄ. ԷՅ. ե-ի հետ եւ շուտով իր նորամուտը պիտի նշէ ամերիկեան լիկային մէջ, այս մասին յայտնեց նոյնինքն 28 տարեկան մարզիկը: Ան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ այսուհետեւ ինք «Պելլաթոր»-ի մարտիկ է: Նշենք, որ ,Պելլաթորե-ի մէջ ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Նետերլանտները ներկայացնող հայ մարտիկ...

Քանսելոյի Ապագան Մշուշոտ`  Պայէրն Միւնիխի Հետ

Քանսելոյի Ապագան Մշուշոտ` Պայէրն Միւնիխի Հետ

Փորթուգալցի յետսապահ Ժոաօ Քանսելօ, որ Մանչեսթըր Սիթիէն փոխ տրուեցաւ Պայէրն Միւնիխին, շատ հաւանաբար յառաջիկայ տարեշրջանին մաս չկազմէ գերմանական ակումբին: Նշուեցաւ, որ անոր ապագան Պայերնի հետ կը մնայ մշուշոտ` նկատի ունենալով, որ Գերմանիոյ գործող ախոյեանը անոր համար պատրաստ չէ վճարելու 70 միլիոն եւրօ, որ նախատեսուած է իբրեւ գնման տարբերակ` Մանչեսթըր Սիթիի հետ կնքուած համաձայնագիրին մէջ: Ներկայիս, 28 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են...

Ա. Սէ. Միլան Որոշեց Հեռացնել  Սթեֆանօ Փիոլին

Ա. Սէ. Միլան Որոշեց Հեռացնել Սթեֆանօ Փիոլին

Իտալական մարզական լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ա. Սէ. Միլանի ղեկավարութիւնը որոշեց այս ամառ հեռացնել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլին: Միլանեան ակումբին սեփականատէրը` Ճերի Քարտինալէ, դժգոհ է 57 տարեկան մասնագէտին աշխատանքէն: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, նոր մարզիչի գլխաւոր թեկնածուն է Ինթեր Միլանի եւ Եուվենթուսի նախկին գլխաւոր մարզիչը` Անթոնիօ Քոնթէ: Իտալացի մասնագէտը նախորդ մարտին լոնտոնեան Թոթենհամի կողմէ պաշտօնանկ ըլլալէն ի վեր, որեւէ ակումբի...

Եորտի Քրույֆ Պիտի Հեռանայ  Պարսելոնայի Թեքնիք Տնօրէնի Պաշտօնէն

Եորտի Քրույֆ Պիտի Հեռանայ Պարսելոնայի Թեքնիք Տնօրէնի Պաշտօնէն

Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ խումբին թեքնիք տնօրէնը` Եորտի Քրույֆ, 30 յունիսին պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն: Նետերլանտցին Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթայի հետ իր ունեցած քննարկումէն ետք, որոշեց իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգել: 49 տարեկան մասնագէտը թեքնիք տնօրէն նշանակուած էր 1 յուլիս 2022-ին: Նշուեցաւ, որ ակումբէն պիտի հեռանայ նաեւ այլ տնօրէն մըն ալ` Մաթէու Ալեմանի:

Պիելսա Նշանակուեցաւ Ուրուկուէյի  Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Պիելսա Նշանակուեցաւ Ուրուկուէյի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Արժանթինցի փորձառու մարզիչ Մարսելօ Պիելսա, նշանակուեցաւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, այս մասին յայտնեց երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնը: Ֆետերասիոնը 67 տարեկան մասնագէտին հետ կնքեց երեք տարուան համաձայնագիր մը: Անոր վերջին ակումբը եղաւ Լիծ Եունայթըտը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ փետրուարին: Ան եղած է նաեւ Էսփանիոլի, Մարսէյի եւ այլ ակումբներու, ինչպէս նաեւ Արժանթինի եւ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբերու մարզիչ:

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Ծախել Մենտին

Ռէալ Մատրիտ Կ՛ուզէ Ծախել Մենտին

Սպանական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ այս ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու փոխանցումները, կ՛ուզէ ծախել իր 27 տարեկան ֆրանսացի յետսապահ Ֆերլան Մենտին: Ֆութպոլիստը, որ, 2019-ի ամրան Լիոնէն տեղափոխուած էր արքայական ակումբ` փոխան 48 միլիոն եւրոյի, մինչեւ յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անոր հետ: Ներկայիս Մենտիով մօտէն հետաքրքրուած է լոնտոնեան Արսենալը: Ան ցարդ իր ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը...

Թենիս.  Անտրէյ Ռուպլեւի Անակնկալ Պարտութիւնը

Թենիս. Անտրէյ Ռուպլեւի Անակնկալ Պարտութիւնը

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Անտրէյ Ռուպլեւ աւարտեց իր ելոյթները Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-1000» թենիսի միջազգային մրցաշարքին գծով: Ռուպլեւ, որ 1-16-րդ հանգրուանին մրցեցաւ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 101-րդ դիրքին վրայ գտնուող գերմանացի Եաննիք Հանֆմանի դէմ, անկէ կրեց 7-6, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով անսպասելի պարտութիւն մը: Քառորդ աւարտականին գերմանացի Հանֆման կը մրցի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տինամօ Առաջին Անգամ Ըլլալով  Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տինամօ Առաջին Անգամ Ըլլալով Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ էյթ) երկրորդ ճակատումին, Տինամոյի եւ Պէյրութի միջեւ տեղի ունեցած երրորդ մրցումը եւս, նախորդ երկուքին նման, դարձեալ վերջ գտաւ Տինամոյի յաղթանակով. վերջինս այս անգամ արձանագրեց 98-83 արդիւնքով յաղթանակ մը (26-10, 32-25, 21-24 եւ 19-24): Նշենք, որ նախորդ երկու մրցումներուն, Տինամօ արձանագրած էր 88-81 եւ 95-87 արդիւնքով յաղթանակներ: Այս երրորդ մրցումին...

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն.  Սերաֆինա Սերոբեան Լիբանանին  Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը

Գեղարուեստական Մարմնամարզութիւն. Սերաֆինա Սերոբեան Լիբանանին Ապահովեց Արծաթ Մետալ Մը

Վերջերս Վրաստանի մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական մարմնամարզութեան «Քեթի Քափ-2023»-ի միջազգային մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարածքէն աւելի քան 350 երկսեռ մարմնամարզիկներ: Մասնակցող երկիրներուն կարգին էին նաեւ Հայաստան, Լիբանան, Ուքրանիա, Վրաստան, Ղազախստան, Թուրքմենիստան, Թուրքիա, Ազրպէյճան եւ ուրիշներ: Միջազգային մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին հովանաւորութեան տակ տեղի ունեցած այս Ա. կարգի միջազգային մրցաշարքին, 11 տարեկան Սերաֆինա Սերոբեան եկաւ բարձր պահելու լիբանանահայութեան անունը, երբ իր...

Հայկական Ֆութպոլ.  Եղիշէ Մելիքեանի Եւ Ռոպերթ  Արզումանեանի Բախումը

Հայկական Ֆութպոլ. Եղիշէ Մելիքեանի Եւ Ռոպերթ Արզումանեանի Բախումը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Նոա-Փիւնիկ Երեւան 32-րդ հանգրուանի մրցումին տեղի ունեցաւ տհաճ միջադէպ մը: Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին 36-րդ վայրկեանին, իրարու հետ հրմշտուք ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբակիցներ, Փիւնիկը գլխաւորող Եղիշէ Մելիքեան եւ Նոայի մարզիչ Ռոպերթ Արզումանեան: Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Հենրիկ Նալբանդեան, անոնց երկուքին կարմիր քարտ տուաւ: Գարնանային բաժինի մեկնարկէն ետք,...

Թենիս. Քարլոս Ալքարասի Անակնկալ  Պարտութիւնը

Թենիս. Քարլոս Ալքարասի Անակնկալ Պարտութիւնը

Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս անակնկալ պարտութեամբ մը դուրս մնաց Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-1000» թենիսի միջազգային մրցաշարքէն: 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 19 տարեկան Ալքարաս 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով անսպասելի պարտութիւն մը կրեց 23 տարեկան հունգարացի իր մրցակիցէն` Ֆապիան Մարոզսանէն: 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հունգարացիին մրցակիցը պիտի ըլլայ խրուաթ Պոռնա Քորիչ,...

Էքիթիքէ Շատ Հաւանաբար Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը  Շարունակէ Գերմանիոյ Մէջ

Էքիթիքէ Շատ Հաւանաբար Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակէ Գերմանիոյ Մէջ

Գերմանական մարզական մամուլը կը յայտնէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող յառաջապահ Հիւկօ Էքիթիքէ, շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Գերմանիոյ մէջ: Նշուեցաւ, որ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ արդէն իսկ պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուցած է փարիզեան ակումբի ղեկավարութեան: 2022-2023 տարեշրջանին 20 տարեկան ֆութպոլիստը իր կազմին հետ ցարդ կատարած է 30 մրցում, նշանակած 4 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ: Ներկայիս,...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Վեց Կէտի  Առաւելութեամբ` Առաջին

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Վեց Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Աժաքսիոն, անոր դէմ արձանագրեց 5-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը: Փարիզեան կազմին կոլերը նշանակեցին Ֆապիաս Ռուիս (22-րդ), Աշրաֆ Հաքիմի (33-րդ), Քիլիան Էմպափէ (47-րդ եւ 54-րդ) եւ Մոհամետ Եուսուֆ (73-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ): 77-րդ վայրկեանին Հաքիմի կարմիր քարտ մը ստացաւ, մինչ 80-րդ վայրկեանին...

Նետերլանտներու Ֆութպոլի  Ախոյեանութիւն.  Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ  Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նետերլանտներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ Հանդիսացաւ Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Նետերլանտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ ապահովեց տիտղոսը: Արդարեւ, 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆէյէնուրտ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Կօ Ըհետ Իկըլզին, անհասանելի դարձաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ՓՍՎ Այնտհովընի համար: Վերջինս, որ ունի 69 կէտ, տասը կէտով ետ կը մնայ Ֆէյէնուրտէն: Այսպիսով, Ֆէյէնուրտ 16-րդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ երկրի ախոյեան (վերջին անգամ` 2016-2017 տարեշրջանին):  

«Էն. Պի. Էյ.»  Սելթիքս Յաղթեց Սիքսըրզին  Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

«Էն. Պի. Էյ.» Սելթիքս Յաղթեց Սիքսըրզին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանին հասնող չորրորդ եւ վերջին խումբը հանդիսացաւ Պոսթըն Սելթիքս, որ արեւելեան շրջանին եօթներորդ եւ վերջին ճակատումին արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 112-88 արդիւնքով եւ այսպիսով ընդհանուր մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը: Սելթիքսի եւ մրցումին աստղը հանդիսացաւ Ճէյսըն Թաթում, որ նշանակեց 51 կէտ, ինչպէս նաեւ կատարեց 13 ռիպաունտ:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ Ապահովեց  Աւարտականին Իր Տոմսը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Ապահովեց Աւարտականին Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սաժես Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ երրորդ մրցումը եւս նախորդ երկուքին նման աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով, այս անգամ` 96-93 արդիւնքով: Առաջին մրցումին Ռիատի արձանագրած էր 86-81 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդին` իր դաշտին վրայ 93-89 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս երեք յաղթանակներուն շնորհիւ, Ռիատի...

Page 295 of 1280 1 … 294 295 296 … 1,280

Արխիւներ