Սպանական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտ այս ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու փոխանցումները, կ՛ուզէ ծախել իր 27 տարեկան ֆրանսացի յետսապահ Ֆերլան Մենտին:
Ֆութպոլիստը, որ, 2019-ի ամրան Լիոնէն տեղափոխուած էր արքայական ակումբ` փոխան 48 միլիոն եւրոյի, մինչեւ յունիս 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անոր հետ:
Ներկայիս Մենտիով մօտէն հետաքրքրուած է լոնտոնեան Արսենալը:
Ան ցարդ իր ակումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 131 մրցումի, նշանակած 5 կոլ եւ կատարած 10 էսիսթ:


