Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս անակնկալ պարտութեամբ մը դուրս մնաց Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-1000» թենիսի միջազգային մրցաշարքէն:
1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, 19 տարեկան Ալքարաս 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով անսպասելի պարտութիւն մը կրեց 23 տարեկան հունգարացի իր մրցակիցէն` Ֆապիան Մարոզսանէն:
1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հունգարացիին մրցակիցը պիտի ըլլայ խրուաթ Պոռնա Քորիչ, որ դասուած է 15-րդ:
Նշենք, որ մրցաշարքին գործող ախոյեանն է աշխարհի թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ կը մասնակցի մրցաշարքին:


