Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի կիսաւարտական հանգրուանի («ֆայնըլ ֆոր») մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սաժես Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ երրորդ մրցումը եւս նախորդ երկուքին նման աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով, այս անգամ` 96-93 արդիւնքով:
Առաջին մրցումին Ռիատի արձանագրած էր 86-81 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդին` իր դաշտին վրայ 93-89 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս երեք յաղթանակներուն շնորհիւ, Ռիատի այսպիսով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Տինամօ-Պէյրութ մրցումին յաղթականին դէմ:
Ղազիրի դաշտին մէջ տեղի ունեցած այս երրորդ մրցումին, հիւրընկալ կազմէն Քլիֆ Ալեքսանտր տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (24 կէտ, 12 ռիպաունտ), մինչ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիէն Տիւյոփ Ռիթ (26):
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նուժէյմ, Փոլ Սքայյեմ եւ Զիատ Թաննուս:


