Փորթուգալցի յետսապահ Ժոաօ Քանսելօ, որ Մանչեսթըր Սիթիէն փոխ տրուեցաւ Պայէրն Միւնիխին, շատ հաւանաբար յառաջիկայ տարեշրջանին մաս չկազմէ գերմանական ակումբին:
Նշուեցաւ, որ անոր ապագան Պայերնի հետ կը մնայ մշուշոտ` նկատի ունենալով, որ Գերմանիոյ գործող ախոյեանը անոր համար պատրաստ չէ վճարելու 70 միլիոն եւրօ, որ նախատեսուած է իբրեւ գնման տարբերակ` Մանչեսթըր Սիթիի հետ կնքուած համաձայնագիրին մէջ:
Ներկայիս, 28 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են Պարսելոնա եւ Արսենալ:


