Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց Աժաքսիոն, անոր դէմ արձանագրեց 5-0 արդիւնքով մեծ յաղթանակ մը:
Փարիզեան կազմին կոլերը նշանակեցին Ֆապիաս Ռուիս (22-րդ), Աշրաֆ Հաքիմի (33-րդ), Քիլիան Էմպափէ (47-րդ եւ 54-րդ) եւ Մոհամետ Եուսուֆ (73-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ):
77-րդ վայրկեանին Հաքիմի կարմիր քարտ մը ստացաւ, մինչ 80-րդ վայրկեանին հիւր կազմէն կարմիր քարտ մը ստացաւ Թոմաս Մանկանի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սեն Ժերմեն, որ ունեցաւ 81 կէտ, 6 կէտով կը գերազանցէ Լանսը (երկրորդ):


