Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ խումբին թեքնիք տնօրէնը` Եորտի Քրույֆ, 30 յունիսին պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն:
Նետերլանտցին Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթայի հետ իր ունեցած քննարկումէն ետք, որոշեց իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգել:
49 տարեկան մասնագէտը թեքնիք տնօրէն նշանակուած էր 1 յուլիս 2022-ին:
Նշուեցաւ, որ ակումբէն պիտի հեռանայ նաեւ այլ տնօրէն մըն ալ` Մաթէու Ալեմանի:


