«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Տենվըր Նակեթց (արեւմտեան շրջան) եւ Մայեմի Հիթ (արեւմտեան շրջան) իրենց կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրեցին:
Նակեթց, որ հիւրընկալեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, անոր դէմ արձանագրեց 132-126 արդիւնքով յաղթանակ մը, հակառակ անոր որ Լէյքըրզէն Էնթընի Տէյվիս նշանակեց 40 կէտ: Իսկ Նակեթցէն Նիքոլա Եոքիչ նշանակեց 34 կէտ:
Պոսթընի մէջ, Սելթիքս 123-116 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մայեմի Հիթէն:
Յաղթական կազմէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 35 կէտ, իսկ Սելթիքսէն Ճէյսըն Թաթում` 30 կէտ:


