«Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի կրան փրին, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար այս շաբաթավերջին` Իմոլայի մէջ (Իտալիա), չեղեալ նկատուեցաւ ողողումներուն պատճառով:
Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց այդ ողողումներուն պատճառով տուժած բոլոր անձերուն համար:
Նշենք, որ 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, վարորդներու պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափեն:


