Նախորդ շաբաթավերջին Նետերլանտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտէն երկու հանգրուան առաջ, Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ ապահովեց տիտղոսը:
Արդարեւ, 32-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆէյէնուրտ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Կօ Ըհետ Իկըլզին, անհասանելի դարձաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող ՓՍՎ Այնտհովընի համար:
Վերջինս, որ ունի 69 կէտ, տասը կէտով ետ կը մնայ Ֆէյէնուրտէն:
Այսպիսով, Ֆէյէնուրտ 16-րդ անգամ ըլլալով հռչակուեցաւ երկրի ախոյեան (վերջին անգամ` 2016-2017 տարեշրջանին):


