«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանին հասնող չորրորդ եւ վերջին խումբը հանդիսացաւ Պոսթըն Սելթիքս, որ արեւելեան շրջանին եօթներորդ եւ վերջին ճակատումին արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 112-88 արդիւնքով եւ այսպիսով ընդհանուր մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը:
Սելթիքսի եւ մրցումին աստղը հանդիսացաւ Ճէյսըն Թաթում, որ նշանակեց 51 կէտ, ինչպէս նաեւ կատարեց 13 ռիպաունտ:
Ան այսպիսով «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի փլէյ օֆի մրցումներուն գծով մրցանիշ մը հաստատեց:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Սթեֆըն Քարիին (Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ), որ նշանակած էր 50 կէտ: