Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ չյաջողեցաւ ապահովել Հռոմի Մասթըրզի թենիսի միջազգային մրցաշարքի կիսաւարտականին իր տոմսը, երբ քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած մրցումին կրեց 2-6, 6-4 եւ 2-6 արդիւնքով պարտութիւն մը, 7-րդ դասուած 20 տարեկան դանիացի Հոլկեր Ռունէէն:
Նշենք, որ 35 տարեկան Ճոքովիչ, նախորդ տարուան տիտղոսակիրն էր:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 7,7 միլիոն եւրօ:


