Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի Նոա-Փիւնիկ Երեւան 32-րդ հանգրուանի մրցումին տեղի ունեցաւ տհաճ միջադէպ մը:
Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին 36-րդ վայրկեանին, իրարու հետ հրմշտուք ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբակիցներ, Փիւնիկը գլխաւորող Եղիշէ Մելիքեան եւ Նոայի մարզիչ Ռոպերթ Արզումանեան:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Հենրիկ Նալբանդեան, անոնց երկուքին կարմիր քարտ տուաւ:
Գարնանային բաժինի մեկնարկէն ետք, Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը` Փիւնիկ, այս մրցումին արձանագրեց իր 13-րդ յաջորդական յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով:
32-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Փիւնիկ, որ ապահոված է 73 կէտ, կոլ էվըրէյճի տարբերութեամբ Ուրարտուի ետին կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:
Նշենք սակայն, որ Ուրարտու մրցում մը նուազ կատարած է:


