Իտալական մարզական լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ա. Սէ. Միլանի ղեկավարութիւնը որոշեց այս ամառ հեռացնել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Սթեֆանօ Փիոլին:
Միլանեան ակումբին սեփականատէրը` Ճերի Քարտինալէ, դժգոհ է 57 տարեկան մասնագէտին աշխատանքէն:
Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, նոր մարզիչի գլխաւոր թեկնածուն է Ինթեր Միլանի եւ Եուվենթուսի նախկին գլխաւոր մարզիչը` Անթոնիօ Քոնթէ:
Իտալացի մասնագէտը նախորդ մարտին լոնտոնեան Թոթենհամի կողմէ պաշտօնանկ ըլլալէն ի վեր, որեւէ ակումբի մաս չի կազմեր:
Նախորդ տարեշրջանին Փիոլիի հետ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան հռչակուած Ա. Սէ. Միլան այս տարեշրջանին ախոյեանութեան աւարտէն երեք հանգրուան առաջ կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:


