Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Անտրէյ Ռուպլեւ աւարտեց իր ելոյթները Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-1000» թենիսի միջազգային մրցաշարքին գծով:
Ռուպլեւ, որ 1-16-րդ հանգրուանին մրցեցաւ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 101-րդ դիրքին վրայ գտնուող գերմանացի Եաննիք Հանֆմանի դէմ, անկէ կրեց 7-6, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով անսպասելի պարտութիւն մը:
Քառորդ աւարտականին գերմանացի Հանֆման կը մրցի ռուս Տանիիլ Մետվետեւի դէմ (3-րդ), որ իր յաղթանակը արձանագրեց 19-րդ դասուած գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով: