Մարզական

Պարսելոնա Թոքիոյի Մէջ  Յաղթեց Վիսել Քոպէին

Պարսելոնա Թոքիոյի Մէջ Յաղթեց Վիսել Քոպէին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Թոքիոյի մէջ (Ճափոն) մրցեցաւ Վիսել Քոպէի դէմ, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մարզիչ Չաւիի գլխաւորած կազմին երկու անպատասխան կոլերը նշանակեցին փղոսկրեայ ափունքցի միջնապահ Ֆրանք Քեսի (16-րդ) եւ սպանացի յետսապահ Էրիք Կարսիա (19-րդ): Տեղւոյն կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր 2018-ի ամրան խումբին միացած, Պարսելոնայի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Անտրես...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Ալեքսանտր Զվերեւ Յաջորդաբար Երրորդ  Տարին Ըլլալով Հասաւ Կիսաւարտականին

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Ալեքսանտր Զվերեւ Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով Հասաւ Կիսաւարտականին

2020-ի ողիմպիականի ախոյեան, աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 27-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ալեքսանտր Զվերեւ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով ապահովեց «Ռոլան Կարոս»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի կիսաւարտականի իր տոմսը: Գերմանիան ներկայացնող ռուս թենիսմենը, որ այս մրցաշարքին գծով դասուած է 22-րդ, մրցեցաւ միջազգային դասաւորման 49-րդ դիրքին վրայ գտնուող արժանթինցի Թոմաս Մարթին Էչեվերիի դէմ եւ արձանագրեց 6-4, 3-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տենվըր Նակեթց-Մայեմի Հիթ` 2-1.  Եոքիչի Պատմական Նուաճումը

«Էն. Պի. Էյ.» Տենվըր Նակեթց-Մայեմի Հիթ` 2-1. Եոքիչի Պատմական Նուաճումը

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, Մայեմի Հիթ, որ հիւրընկալեց Տենվըր Նակեթցը, անկէ կրեց 109-94 արդիւնքով պարտութիւն մը: Այսպիսով, Նակեթց ցարդ 2-1 արդիւնքով յաղթական է: Յաղթական կազմէն թրիփըլ-տապըլ իրագործեցին Նիքոլա Եոքիչ (32 կէտ, 21 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ) եւ Ժամալ Միւրէյ (34 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ), մինչ Հիթէն 28 կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մարզիչ Ժատ Հաժ Եւ Այլ Խաղացողներ  Ստորագրեցին Տինամոյի Տոմարներուն Վրայ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մարզիչ Ժատ Հաժ Եւ Այլ Խաղացողներ Ստորագրեցին Տինամոյի Տոմարներուն Վրայ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի փոխախոյեան հանդիսացած Տինամոյի մարզիչ Ժատ Հաժ ստորագրեց ակումբի տոմարներուն վրայ` յառաջիկայ տարեշրջանին գծով: Նշենք, որ Ժատ Հաժ նաեւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի մարզիչն է: Անոր հետ միասին, Տինամոյի հետ պայմանագրութիւններ ստորագրեցին նաեւ Ժատ Խալիլ, Քարիմ Էզզէտտին, Մարք Խուրի եւ Օմար Ժամալլէտտին: Նշենք, որ Լիբանանի փոխախոյեանին միացաւ նաեւ Ժան-Մարք Ժարրուժ:  

Հայկական Ֆութպոլ.  Ուրարտու Երեւան Ստացաւ  Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Հայկական Ֆութպոլ. Ուրարտու Երեւան Ստացաւ Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 36-րդ եւ վերջին հանգրուանին գծով տեղի ունեցած Ուրարտու Երեւան-Արարատ Երեւան մրցումէն ետք, Ուրարտու ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը: Տմիթրի Կունքոյի գլխաւորած կազմը, որ այս մրցումին արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովեց նախավերջին հանգրուանին` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Փիւնիկ Երեւանի դէմ: Նշենք, որ Ուրարտու տիրացած էր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի...

Քարիմ Պենզեմա Միացաւ  Սէուտական Արաբիոյ Ախոյեան Իթթիհատի

Քարիմ Պենզեմա Միացաւ Սէուտական Արաբիոյ Ախոյեան Իթթիհատի

Ռէալ Մատրիտէն հեռացած ֆրանսացի անուանի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ Սէուտական Արաբիոյ նորընծայ ախոյեան Իթթիհատի, այս մասին յայտնեց արաբական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Երկու կողմերը իրարու հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեցին մինչեւ 30 յունիս 2026: Յուլիս 2009-ին Ռէալ Մատրիտին միացած եւ անոր շապիկը մինչեւ 2022-2023 տարեշրջանին աւարտը կրած Պենզեմա 648 մրցումի ընթացքին նշանակեց 354 կոլ եւ կատարեց 165 էսիսթ: Պենզեմա,...

Իրաւարար Մաթէու Լաոս Աւարտեց  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Իրաւարար Մաթէու Լաոս Աւարտեց Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Սպանացի 46 տարեկան իրաւարար Մաթէու Լաոս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան 15 տարի սուլած է Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: Լաոս ներկայ գտնուած է նաեւ 2018-ի եւ 2022-ի Մոնտիալներուն, ինչպէս նաեւ սուլած է 2021-ի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը: Նշենք, որ Քաթար-2022-ի Մոնտիալին ան ՖԻՖԱ-ին կողմէ նկատի առնուեցաւ երեք մրցումի ընթացքին:...

Փաուլօ Մալտինի  Հեռացաւ Ա. Սէ. Միլանէն

Փաուլօ Մալտինի Հեռացաւ Ա. Սէ. Միլանէն

Իտալական Ա. Սէ. Միլանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ թեքնիք տնօրէն Փաուլօ Մալտինի հեռացաւ ակումբէն: 54 տարեկան Մալտինի իր այս պաշտօնը կը վարէր 2019-էն ի վեր: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզի ամբողջ ընթացքին  մաս կազմած է միլանեան կազմին` 1985-էն 2009: Ըստ իտալական մարզական մամուլին, Փաուլօ Մալտինիէն բացի, այդ ակումբէն պիտի հեռանայ նաեւ մարզական տնօրէն Ֆրետերիք Մասսարա, որուն պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ...

Գերմանական Ֆութպոլ.  Համպուրկ Մնաց Բ. Դասակարգ

Գերմանական Ֆութպոլ. Համպուրկ Մնաց Բ. Դասակարգ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգ-Բ. դասակարգ փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Շթութկարթ յաջողեցաւ մնալ «Պունտըսլիկա»-ին մէջ: Արդարեւ, Սեպասթիան Հէօնեսի գլխաւորած կազմը` Շթութկարթ, որ դարձի մրցումին հիւրը եղաւ Համպուրկին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Շթութկարթ երթին արձանագրած էր 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, Համպուրկ, որ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին 66 կէտով գրաւած էր երրորդ դիրքը, ախոյեան Հայտընհայմի եւ փոխախոյեան Տարմշթատի...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Հեռացուց Քրիսթոֆ Կալթիէն  Եւ Մարզիչ Պիտի Նշանակէ Ժուլիան Նակելսմանը

Փարիզ Սեն Ժերմեն Հեռացուց Քրիսթոֆ Կալթիէն Եւ Մարզիչ Պիտի Նշանակէ Ժուլիան Նակելսմանը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը հեռացուց ակումբի գլխաւոր մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթիէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 56 տարեկան Կալթիէի փոխարէն մարզիչ պիտի նշանակուի Պայէրն Միւնիխի նախկին մարզիչ, 35 տարեկան գերմանացի Ժուլիան Նակելսման: Վերջինս, որ գերմանական ակումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց 2021-ին, նախապէս մարզած է նաեւ գերմանական Հոֆընհայմը եւ Լայփցիկը: Կալթիէ, որ նախորդ ամրան ընթացքին նշանակուեցաւ փարիզեան...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Ալքարաս Կիսաւարտականին  Կը Մրցի Ճոքովիչի Դէմ

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Ալքարաս Կիսաւարտականին Կը Մրցի Ճոքովիչի Դէմ

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, տղոց աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սպանացի Քարլոս Ալքարաս, իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Ալքարաս իր յաղթանակը արձանագրեց 5-րդ դասուած յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասի դէմ, 6-2, 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով: Կիսաւարտականի մրցումներուն սպանացին իր դէմ պիտի ունենայ երրորդ դասուած սերպ Նովաք...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու.  Այնճարի Սեւ Գօտիները Հանդիսացան  Երկրորդ, Իսկ «Ապպա»-ն` Երրորդ

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Այնճարի Սեւ Գօտիները Հանդիսացան Երկրորդ, Իսկ «Ապպա»-ն` Երրորդ

Կազմակերպութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Թաու լուի եւ Սանտայի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցաշարքը: Անոր ներկայ գտնուեցան ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյր, փոխնախագահ Ժաք Տաղլեան, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, ակումբներու պատասխանատուներ, մարզասէրներ, մարզիկներու ծնողներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները: Մրցաշարքին իրեց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած 7 ակումբներու 98 երկսեռ մարզիկներ: Այդ...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Նովաք Ճոքովիչ Մրցաշարքէն  Դուրս Ձգեց Կարէն Խաչանովը

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Նովաք Ճոքովիչ Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Կարէն Խաչանովը

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ սպասուած ճակատումը սերպ Նովաք Ճոքովիչի եւ ռուսահայ Կարէն Խաչանովի միջեւ: 11-րդ դասուած Խաչանով յաջողեցաւ առաջին սեթին յաղթանակ մը արձանագրել 6-4 արդիւնքով: Երկրորդ եւ երրորդ սեթերուն, 3-րդ դասուած Ճոքովիչ ինք է, որ տիրապետեց եւ արձանագրեց...

Երեւանի Կեդրոնական Փողոցներուն Մէջ  Տեղի Ունեցաւ «Ուան Ռան»  Միջազգային Կէս Մարաթոնը

Երեւանի Կեդրոնական Փողոցներուն Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Ուան Ռան» Միջազգային Կէս Մարաթոնը

Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի եւ 5 երկիրներու 84 քաղաքներու մէջ միաժամանակ տեղի ունեցաւ «Ուան Ռան» միջազգային կէս մարաթոնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով միացաւ այս նախաձեռնութեան: «Ուան Ռան»-ի մեկնարկը եւ ժամանումը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, մինչ երթուղին ընդգրկեց Երեւանի Նալբանդեան, Աբովեան, Տէրեան, Իսահակեան եւ շարք մը կեդրոնական այլ փողոցները:...

Լուքա Մոտրիչ Որոշեց  Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

Լուքա Մոտրիչ Որոշեց Հեռանալ Ռէալ Մատրիտէն

Ինչպէս ծանօթ է, Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ նախորդ շաբաթ յայտնած էր, որ կը փափաքի հեռանալ իր ակումբէն: Այս լուրը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, երբ 37 տարեկան ֆութպոլիստը յայտարարեց, որ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը պիտի չնորոգէ մայրաքաղաքի կազմին հետ: Այդ պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2023-ին: Նշուեցաւ, որ ան երեք տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ սէուտական ակումբի մը...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Այսօր` Ֆիորենթինա-Ուեսթ  Համ Աւարտական Մրցումը

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Այսօր` Ֆիորենթինա-Ուեսթ Համ Աւարտական Մրցումը

Փրակայի մէջ (Չեխիա) գտնուող «Ֆորթունա Արենա» ֆութպոլի մարզադաշտը այսօր կը հիւրընկալէ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին իտալական Ֆիորենթինան եւ անգլիական Ուեսթ Համը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), մինչ անոր կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ սպանացի Քարլոս տել Սերրօ: Նշենք, որ Ֆիորենթինա Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023...

Պրազիլ Եւ Սպանիա Ֆութպոլի Միջազգային  Բարեկամական Մրցում Պիտի Կատարեն

Պրազիլ Եւ Սպանիա Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում Պիտի Կատարեն

Միջազգային մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերը իրարու դէմ պիտի կատարեն ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` «Մենք բոլորս նման ենք» անունին տակ: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ` գլխաւոր նպատակ ունենալով պայքարիլ ցեղային խտրականութեան դէմ: Սակայն երկու կազմերուն միջեւ այդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ բաւական ուշ... մարտ 2024-ին: Երկու երկիրներուն ֆութպոլի ֆետերասիոնները խստօրէն դատապարտեցին Վալենսիայի համակիրներուն...

Մեսսիի Հայրը Պարսելոնայի Հետ Քննարկեց Անոր Վերադարձի Հարցը

Խորխէ Մեսսի. «Լիոնել Մեսսի Կը Փափաքի Վերադառնալ Պարսելոնա»

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռացած արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հայրը` Խորխէ, որ նաեւ ֆութպոլիստին փոխանցման գործերով զբաղող անձն է, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթայի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իր որդին շատ հաւանաբար վերադառնայ Պարսելոնա: «Լիոնելն ու ես կը փափաքինք, որ ան վերադառնայ, սակայն այդ ուղղութեամբ ցարդ յստակ ոչինչ կայ: Քննարկուելիք բազմաթիւ հարցեր կան...

«Քալչիօ».  Սփեցիա Եւ Վերոնա Փլէյ Օֆի Մրցում  Պիտի Կատարեն Ա. Դասակարգին Մէջ Մնալու Համար

«Քալչիօ». Սփեցիա Եւ Վերոնա Փլէյ Օֆի Մրցում Պիտի Կատարեն Ա. Դասակարգին Մէջ Մնալու Համար

Հակառակ անոր որ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները, սակայն ցարդ տարեշրջանը չէ աւարտած Սփեցիայի (17-րդ) եւ Վերոնայի (18-րդ) համար: Նախքան այս հանգրուանը, անոնք երկուքը ունէին 31-ական կէտ: Ըստ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումին, այս տարեշրջանին ախոյեանութեան տիտղոսակիր դառնալու համար, առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւող կազմերը, ինչպէս նաեւ 17-րդ եւ 18-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը Բ. դասակարգ չփոխադրուելու համար,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Ղասսան Սարգիս Նշանակուեցաւ  Սաժես Պէյրութի Մարզիչ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ղասսան Սարգիս Նշանակուեցաւ Սաժես Պէյրութի Մարզիչ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբերէն ոմանք այժմէն իսկ պատրաստութիւններ կը տեսնեն` իրենց կազմը օժտելով նորեկ մարզիկներով կամ մարզիչով, մինչ ուրիշ մարզիկներ իրենց պայմանագրութիւնները կ՛երկարաձգեն իրենց ակումբներուն հետ: Ախոյեան Ռիատի Պէյրութին մաս կազմող Հայկ Կէօքճեան եւ Քարիմ Զէյնուն իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգեցին երկու տարիով: Խումբին հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց նաեւ Ալի Մանսուր: Սաժես Պէյրութի մարզիչ Ճօ Ղաթթաս...

Page 289 of 1280 1 … 288 289 290 … 1,280

Արխիւներ