Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը հեռացուց ակումբի գլխաւոր մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթիէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 56 տարեկան Կալթիէի փոխարէն մարզիչ պիտի նշանակուի Պայէրն Միւնիխի նախկին մարզիչ, 35 տարեկան գերմանացի Ժուլիան Նակելսման:
Վերջինս, որ գերմանական ակումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց 2021-ին, նախապէս մարզած է նաեւ գերմանական Հոֆընհայմը եւ Լայփցիկը:
Կալթիէ, որ նախորդ ամրան ընթացքին նշանակուեցաւ փարիզեան կազմի մարզիչ, անոր հետ տուպլէ մը իրագործեց` տիրանալով երկրին ախոյեանութեան եւ գերբաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:


