Ռէալ Մատրիտէն հեռացած ֆրանսացի անուանի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ Սէուտական Արաբիոյ նորընծայ ախոյեան Իթթիհատի, այս մասին յայտնեց արաբական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Երկու կողմերը իրարու հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեցին մինչեւ 30 յունիս 2026:
Յուլիս 2009-ին Ռէալ Մատրիտին միացած եւ անոր շապիկը մինչեւ 2022-2023 տարեշրջանին աւարտը կրած Պենզեմա 648 մրցումի ընթացքին նշանակեց 354 կոլ եւ կատարեց 165 էսիսթ:
Պենզեմա, որ ֆրանսական Լիոնի սան է, անոր մաս կազմած է 2005-էն 2009: