Միջազգային մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերը իրարու դէմ պիտի կատարեն ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` «Մենք բոլորս նման ենք» անունին տակ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ` գլխաւոր նպատակ ունենալով պայքարիլ ցեղային խտրականութեան դէմ:
Սակայն երկու կազմերուն միջեւ այդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ բաւական ուշ… մարտ 2024-ին:
Երկու երկիրներուն ֆութպոլի ֆետերասիոնները խստօրէն դատապարտեցին Վալենսիայի համակիրներուն ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւնները` Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիորի հասցէին ուղղուած («Լա Լիկա», 35-րդ հանգրուան):