Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի փոխախոյեան հանդիսացած Տինամոյի մարզիչ Ժատ Հաժ ստորագրեց ակումբի տոմարներուն վրայ` յառաջիկայ տարեշրջանին գծով:
Նշենք, որ Ժատ Հաժ նաեւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի մարզիչն է:
Անոր հետ միասին, Տինամոյի հետ պայմանագրութիւններ ստորագրեցին նաեւ Ժատ Խալիլ, Քարիմ Էզզէտտին, Մարք Խուրի եւ Օմար Ժամալլէտտին:
Նշենք, որ Լիբանանի փոխախոյեանին միացաւ նաեւ Ժան-Մարք Ժարրուժ: