Հակառակ անոր որ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները, սակայն ցարդ տարեշրջանը չէ աւարտած Սփեցիայի (17-րդ) եւ Վերոնայի (18-րդ) համար:
Նախքան այս հանգրուանը, անոնք երկուքը ունէին 31-ական կէտ:
Ըստ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումին, այս տարեշրջանին ախոյեանութեան տիտղոսակիր դառնալու համար, առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւող կազմերը, ինչպէս նաեւ 17-րդ եւ 18-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը Բ. դասակարգ չփոխադրուելու համար, նոյնքան կէտ ապահովելու պարագային, փլէյ օֆի մրցում պիտի կատարեն:
Առաջինին գծով այդպէս չպատահեցաւ, սակայն երկրորդին պարագային, անոնք երկուքը վերջին հանգրուանին պարտութիւն կրեցին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Բ. դասակարգ փոխադրուող երրորդ խումբին անունը մնայ անորոշ: