Նախորդ շաբաթավերջին Երեւանի եւ 5 երկիրներու 84 քաղաքներու մէջ միաժամանակ տեղի ունեցաւ «Ուան Ռան» միջազգային կէս մարաթոնը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով միացաւ այս նախաձեռնութեան:
«Ուան Ռան»-ի մեկնարկը եւ ժամանումը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ, մինչ երթուղին ընդգրկեց Երեւանի Նալբանդեան, Աբովեան, Տէրեան, Իսահակեան եւ շարք մը կեդրոնական այլ փողոցները:
Մրցանակակիրները պարգեւատրուեցան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանի կողմէ:
Անոնք ստացան մետալներ, շապիկներ, վկայագիրներ եւ քաջալերական նուէրներ:
Նշենք, որ «Ուան Ռան»-ի կէս-մարաթոնը եօթը տարի շարունակ տեղի ունեցած է միայն Ռուսիոյ մէջ եւ երկու անգամ ընդգրկուած է մրցանիշներու «Կինես» գիրքին մէջ:


