Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, տղոց աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սպանացի Քարլոս Ալքարաս, իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Ալքարաս իր յաղթանակը արձանագրեց 5-րդ դասուած յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասի դէմ, 6-2, 6-1 եւ 7-6 արդիւնքով:
Կիսաւարտականի մրցումներուն սպանացին իր դէմ պիտի ունենայ երրորդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչը, որ քառորդ աւարտականին յաղթած էր ռուսահայ Կարէն Խաչանովին:


