Սպանացի 46 տարեկան իրաւարար Մաթէու Լաոս պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան 15 տարի սուլած է Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Լաոս ներկայ գտնուած է նաեւ 2018-ի եւ 2022-ի Մոնտիալներուն, ինչպէս նաեւ սուլած է 2021-ի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը:
Նշենք, որ Քաթար-2022-ի Մոնտիալին ան ՖԻՖԱ-ին կողմէ նկատի առնուեցաւ երեք մրցումի ընթացքին: