Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 36-րդ եւ վերջին հանգրուանին գծով տեղի ունեցած Ուրարտու Երեւան-Արարատ Երեւան մրցումէն ետք, Ուրարտու ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսը:
Տմիթրի Կունքոյի գլխաւորած կազմը, որ այս մրցումին արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, ախոյեանութեան տիտղոսը ապահովեց նախավերջին հանգրուանին` 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Փիւնիկ Երեւանի դէմ:
Նշենք, որ Ուրարտու տիրացած էր նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին:
Այսպիսով, Ուրարտու ախոյեանութիւնը աւարտեց 83 կէտով, մինչ փոխախոյեան Փիւնիկ` 80 կէտով:
Ուրարտու 2023-2024 տարեշրջանին պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի մրցումներուն, Փիւնիկ (2-րդ), Արարատ-Արմենիա (3-րդ) եւ Ալաշկերտ (4-րդ)` «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ին, մինչ 10-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւած Լեռնային Արցախ կը փոխադրուի Բ. դասակարգ: