Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռացած արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հայրը` Խորխէ, որ նաեւ ֆութպոլիստին փոխանցման գործերով զբաղող անձն է, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթայի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իր որդին շատ հաւանաբար վերադառնայ Պարսելոնա:
«Լիոնելն ու ես կը փափաքինք, որ ան վերադառնայ, սակայն այդ ուղղութեամբ ցարդ յստակ ոչինչ կայ: Քննարկուելիք բազմաթիւ հարցեր կան տակաւին», ըսաւ Խորխէ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին ֆրանսական կազմին հետ իր վերջին մրցումը կատարած 35 տարեկան Մեսսի այս ամսուան վերջը կը դառնայ ազատ ֆութպոլիստ եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած կազմին` նկատի ունենալով, որ ան մինչեւ 30 յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անոր հետ: