Կազմակերպութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Լուէյզի Զուք Մոսպեհ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Թաու լուի եւ Սանտայի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցաշարքը:
Անոր ներկայ գտնուեցան ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյր, փոխնախագահ Ժաք Տաղլեան, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, ակումբներու պատասխանատուներ, մարզասէրներ, մարզիկներու ծնողներն ու անոնց ընտանեկան պարագաները:
Մրցաշարքին իրեց մասնակցութիւնը բերին ֆետերասիոնին մօտ արձանագրուած 7 ակումբներու 98 երկսեռ մարզիկներ:
Այդ եօթը ակումբներն էին` Անթոնին Պաապտա, Այնճարի Սեւ գօտիներ, «ԱՊՊԱ», Սքուեր ֆիթ, Սամըրզ, Լուաքօ Քասլիք եւ Պել Հորիզոն:
Պէտք է ըսել, որ մրցաշարքը ընթացաւ մարզական բուռն ոգիով: Անոր ընթացքին մարզիկները իրենց ելոյթները կատարեցին մեծ խանդավառութեամբ` ամէն գնով փորձելով իրենց ակումբներուն համար մետալ ապահովել:
Ապահովելով 266 կէտ, Անթոնին Պաապտա գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Այնճարի Սեւ գօտիները (129 կէտ) եւ «ԱՊՊԱ»-ն (112 կէտ):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ֆետերասիոնի անդամներուն ձեռամբ:


