Ինչպէս ծանօթ է, Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչ նախորդ շաբաթ յայտնած էր, որ կը փափաքի հեռանալ իր ակումբէն:
Այս լուրը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, երբ 37 տարեկան ֆութպոլիստը յայտարարեց, որ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը պիտի չնորոգէ մայրաքաղաքի կազմին հետ: Այդ պայմանագրութիւնը իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2023-ին:
Նշուեցաւ, որ ան երեք տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ սէուտական ակումբի մը հետ եւ պիտի ստանայ 120 միլիոն եւրօ:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին հետ ընդամէնը 51 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ: