«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, Մայեմի Հիթ, որ հիւրընկալեց Տենվըր Նակեթցը, անկէ կրեց 109-94 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այսպիսով, Նակեթց ցարդ 2-1 արդիւնքով յաղթական է:
Յաղթական կազմէն թրիփըլ-տապըլ իրագործեցին Նիքոլա Եոքիչ (32 կէտ, 21 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ) եւ Ժամալ Միւրէյ (34 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ), մինչ Հիթէն 28 կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր:
Նշենք, որ 28 տարեկան սերպ Ճոքովիչ, որ այս մրցումին թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց, յաջողեցաւ դառնալ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պատմութեան առաջին խաղացողը, որ աւարտական հանգրուանի մրցումին կ՛իրագործէ այս նուաճումը. 30+ (կէտ), 20+ (ռիպաունտ) եւ 10+ (էսիսթ):
Երրորդ մրցումին նման, չորրորդ մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ Մայեմիի մէջ: