«Չեմփիընզ Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիրացաւ Տիտղոսին
Մխիթարեան` Աւարտականին Մասնակցած Առաջին Հայ Ֆութպոլիստը Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ բաժակակիր Մանչեսթըր Սիթի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին: Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա) տեղի ունեցած աւարտական հանգրուանի այս մրցումին, մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմը` Սիթի, որ մրցեցաւ իտալական Ինթեր Միլանի դէմ, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ սպանացի միջնապահ Ռոտրիկոյի նշանակած կոլին (68-րդ): Նշենք, որ...




















