Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգ-Բ. դասակարգ փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Շթութկարթ յաջողեցաւ մնալ «Պունտըսլիկա»-ին մէջ:
Արդարեւ, Սեպասթիան Հէօնեսի գլխաւորած կազմը` Շթութկարթ, որ դարձի մրցումին հիւրը եղաւ Համպուրկին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Շթութկարթ երթին արձանագրած էր 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, Համպուրկ, որ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին 66 կէտով գրաւած էր երրորդ դիրքը, ախոյեան Հայտընհայմի եւ փոխախոյեան Տարմշթատի ետին (67-ական կէտ) յառաջիկայ տարեշրջանին եւս մաս պիտի կազմէ Բ. դասակարգին:
Անոնք երկուքը կը բարձրանան Ա. դասակարգ, մինչ Շալքէ (17-րդ) եւ Հերթա Պերլին (18-րդ) «Պունտըսլիկա»-էն կը փոխադրուին Բ. դասակարգ:


