Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանին պատրաստութիւնները կը շարունակուին տարբեր ակումբներու կողմէ:
Նշուեցաւ, որ Փաթրիք Պու Ապպուտ եւ Էլիաս Սըպաալի ստորագրեցին Սաժես Պէյրութի տոմարներուն վրայ:
Ալի Մահմուտ պիտի մնայ Լիբանանի փոխախոյեան Տինամոյի հետ, Կապրիել Սալիպի պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մարիսթի հետ, մինչ Նայիմ Ռապայ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պէյրութի հետ:


