Սպանական Սեւիլլայի, Ռէալ Մատրիտի եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, լոնտոնեան Թոթենհամի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 29 տարեկան յառաջապահ Հերի Քէյնին խորհուրդ տուաւ միանալ արքայական ակումբին` Ռէալ Մատրիտի, որ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է ֆութպոլիստով:
Ռամոս Քէյնին եւ առհասարակ բոլոր ֆութպոլիստներուն խորհուրդ տուաւ, որ եթէ անոնց կարելիութիւն ընձեռուի միանալ մայրաքաղաքի կազմին, չմերժեն այդ բացառիկ առիթը:
Քէյնով հետաքրքրուած են նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Պայէրն Միւնիխ:
2022-2023 տարեշրջանի աւարտած ախոյեանութեան, Քէյն Թոթենհամի հետ ընդամէնը կատարեց 49 մրցում, նշանակեց 32 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ: