Մեսսի. «2026-ի Մոնտիալին Պիտի Չմասնակցիմ»
Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Արժանթինի ազգային խումբի 35 տարեկան յառաջապահ Լիոնել Մեսսի վերահաստատեց, որ մտադրութիւն չունի մասնակցելու 2026-ի Մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Մեքսիքայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ: «2022-ի Մոնտիալը ինծի համար հանդիսացաւ աշխարհի վերջին ախոյեանութիւնը: Յաջորդ Մոնտիալին պիտի չմասնակցիմ», ըսաւ ան: Նշենք, որ Մեսսի իր մասնակցութիւնը բերած է հինգ Մոնտիալներու:




















