Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Նազարեան այցելեց Կլենտէյլի մէջ (Միացեալ Նահանգներու) մէջ գտնուող ՀՄԸՄ Կլենտէյլի Արարատ ակումբ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
ՀՄԸՄ Կլենտէյլի Արարատ ակումբին պատասխանատուները Նազարեանին ներկայացուցին ակումբին գործունէութիւնը եւ շրջագայեցան կառոյցին ներքին բաժինները:
ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներէն Արմիկ Աբրահամեան նշեց, որ ակումբը ունի 2000 անդամ եւ բաւական աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ հայապահպանման գործին մէջ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Կլենտէյլի Արարատ ակումբը այս տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեակը:
Արթուր Նազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզական ակումբի պատասխանատուներուն ծաւալուն աշխատանքներ իրականացնելու համար` նշելով, որ ՀՄԸՄ Կլենտէյլի Արարատի շարք մը ներկայացուցիչներ յաջող ելոյթներ կ՛ունենան Հայաստանի տարիքային տարբեր հաւաքականներուն հետ:
Նշենք, որ 16 եւ 17 յունիսին Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց ազգային հաւաքականը, որ Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան կրկնակի տիտղոսակիրն է, Լոս Անճելըսի մէջ բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ Եւրոպայի փոխախոյեան Ֆրանսայի դէմ: