Խրուաթիոյ Օսիյեք քաղաքին մէջ տեղի ունեցող մարմնամարզութեան «Ուորլտ Չելէյնճ Քափ» մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Արթուր Դաւթեան եւ Գագիկ Խաչիկեան, իրենց արձանագրած տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան, յաղթահարեց նժոյգի եւ զոյգ փայտի մրցումներուն արգելքը, մինչ Գագիկ Խաչիկեան նժոյգի մրցումներուն հասաւ աւարտականին:
Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան Դաւթեան, նժոյգի մրցումներուն ապահովեց 14 հազար կէտ, իսկ զոյգ փայտի մրցումներուն` 13.750 կէտ:
Իսկ Գագիկ Խաչիկեան նժոյգի զտումի մրցումներուն ապահոված էր 14.600 կէտ:
Նշենք, որ աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 10 եւ 11 յունիսին:


