Նետերլանտներու ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող Այաքս Ամսթերտամ, կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 23 տարեկան միջնապահ Էդուարդ Սպերցեանը:
Նշուեցաւ, որ նետերլանտեան կազմը շուտով իր բանակցութիւններուն պիտի սկսի անոր ակումբին` ռուսական Քրասնոտարի հետ, որ պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունիլ 10 հազար եւրօ եւ վեր ներկայանալիք առաջարկ մը:
Սպերցեան, որ ռուսական ակումբին հետ մինչեւ յունիս 2026 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է, ընթացիկ տարեշրջանին իր կազմին հետ կատարեց 40 մրցում, նշանակեց 14 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:


