Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Ժիւտ Պելինկհեմ իր ակումբէն` Պորուսիա Տորթմունտէն հեռանալով միացաւ Ռէալ Մատրիտին, այս մասին յայտնեց գերմանական կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր փոխանցման համար արքայական ակումբը վճարեց 103 միլիոն եւրօ:
Նշուեցաւ, որ յառաջիկային գերմանական ակումբը կրնայ ստանալ նաեւ 30 տոկոսի յաւելեալ գումար մը` այդ փոխանցման գումարէն:
Արքայական ակումբին հետ 19 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2029:
Գերմանիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, ան 31 մրցումի ընթացքին նշանակեց 8 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ: