Սպանացի 23 տարեկան յետսապահ Ֆրանչիսքօ Կարսիա երեք տարեշրջան Ռայօ Վայեքանոյին մաս կազմելէ ետք վերադարձաւ Ռէալ Մատրիտ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սպանիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 38 մրցումի, նշանակեց 2 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:
2013-2020 թուականներուն ան մաս կազմած է նաեւ Ռէալ Մատրիտի երիտասարդական խումբին:


