Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթինի ազգային խումբին մաս կազմող երկու անուանի եւ փորձառու ֆութպոլիստներ` Լիոնել Մեսսի եւ Անխել Տի Մարիա, շատ հաւանաբար իրարու խմբակից դառնան Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Փարիզ Սեն Ժերմենէն հեռացած Մեսսի յայտնեց, որ շուտով պիտի ստորագրէ Մէյճըր Լիկ-ի կազմերէն Ինթեր Մայեմիի տոմարներուն վրայ, մերժելէ ետք Պարսելոնա վերադառնալ, ինչպէս նաեւ` մերժելէ ետք Սէուտական Արաբիայէն իրեն ներկայացած առաջարկը:
Ինչ կը վերաբերի Տի Մարիային, որ հեռացաւ Եուվենթուսէն, շատ հաւանաբար տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ, թէեւ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է նաեւ փորթուգալեան Պենֆիքան:


