«Եուրոփա Լիկ»-ի տիտղոսակիր Սեւիլլա իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց ակումբի գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խոսէ Լուիս Մենտիլապարի հետ, այս մասին յայտնեց սպանական կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
62 տարեկան մասնագէտին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024:
Ան ակումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ մարտ 2023-ին:
Ան եղած է նաեւ` Ալաւեսի, Էյպարի, Լեւանթէի, Օսասունայի, Ռէալ Վայատոլիտի, Աթլեթիք Պիլպաոյի, ինչպէս նաեւ այլ ակումբներու մարզիչ: