Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող տարուան երկրորդ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը` «Ռոլան Կարոս»-ը, գրեթէ կը մօտենայ իր աւարտին:
Աղջկանց կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի դասաւորման 43-րդ դիրքին վրայ գտնուող չեխ Քարոլինա Մուշովա ստեղծեց մեծ անակնկալ մը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած, 2-րդ դասուած Արինա Սապալենքան (Պիելոռուսիա)` անոր դէմ արձանագրելով 7-6, 6-7 եւ 7-5 արդիւնքով քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը:
Մուշովա, որ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց կրան շլեմի մը մրցաշարքի աւարտականին իր տոմսը, այսօր` շաբաթ, 10 յունիսին իր դէմ պիտի ունենայ այս մրցաշարքին գծով առաջին դասուած լեհ Իկա Սվիաթեքը, որ կիսաւարտականին իր յաղթանակը արձանագրեց պրազիլցի Պէաթրիս Հատտատ Մայայի (14-րդ) դէմ, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով:
Տղոց պարագային, այսօր կը կատարուին կիսաւարտականի մրցումները` նկատի ունենալով, որ երէկ մրցում չկատարուեցաւ:
Թիւ 1 դասուած սպանացի Քարլոս Ալքարաս Կարֆիա կը մրցի 3-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի դէմ, մինչ 4-րդ դասուած նորվեկիացի Քասփեր Ռուտ իր դէմ պիտի ունենայ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւը (22-րդ):


