Ինչպէս ծանօթ է, «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 16 յունիսին հիւրը պիտի ըլլայ Կալեսին:
Հայրենի կազմը, պատրաստուելու համար այս մրցումին, Հայաստանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ իր փորձերուն` ուքրանացի մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորութեամբ:
Նշենք, որ այս շաբաթավերջին խումբին կը միանան նաեւ Անտրէ Չալըշըր, Էդուարդ Սպերցեան, Գէորգ Յարութիւնեան, մինչ Կալեսի մէջ կազմին կը միանան Լուքաս Սելարայեան եւ Նորպերթօ-Պրիասքօ Բալեկեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:


