Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի ֆութսալի տղոց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ե. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Փորթուգալը, Վրաստանը եւ Ֆինլանտան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան 11-20 սեպտեմբեր, 2-11 հոկտեմբեր եւ 11-20 դեկտեմբեր ժամանակահատուածին մէջ:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռուբէն Նազարէթեան:


