Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութենէն առաջ, Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («ԵՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ.») հրապարակեց ազատ ոճի ըմբշամարտի տարբեր դասակարգերու դասաւորումը:
61 քկ դասակարգին մէջ, Եւրոպայի եռակի ախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
Եւրոպայի նորընծայ ախոյեան Վազգէն Թեւանեան 65 քկ դասակարգին մէջ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը, Արման Անդրէասեան (70 քկ)` 4-րդ դիրքը, իսկ Արման Աւագեան (79 քկ)` 6-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Պելկրատի մէջ 16-24 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութիւնը վարկանշային է Փարիզ-2024-ի ողիմպիական խաղերուն համար: