Թենիս. Էլինա Աւանեսեանի Յաղթական Մեկնարկը` Լոզանի Մրցաշարքին
Ռուսահայ թենիսվումըն Էլինա Աւանեսեան, ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ. -250» թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին գծով: Աշխարհի դասաւորման 68-րդ դիրքին վրայ գտնուող Աւանեսեան, որ 1-32-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ մրցեցաւ ռուս Եւգենիա Ռոտինայի դէմ, առաջին սեթին յաղթեց 6-2 արդիւնքով: Երկրորդին, մինչ մրցումը կ՛ընթանար ի նպաստ Աւանեսեանի` 2-0 արդիւնքով, անոր մրցակիցը քաշուեցաւ մրցաշարքէն: Աւանեսեանի յաջորդ...




















