Նախորդ շաբաթավերջին Մարիպորի մէջ (Սլովենիա) մեկնարկը տրուեցաւ եւրոպական երիտասարդական ողիմպիականի փառատօնին, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:
Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան կը մասնակցին Համլեթ Մանուկեան, Մամիկոն Խաչատրեան, Ռոպերթ Գիւլումեան եւ Մարիեթա Բուչախչեան:
Անոնց մարզիչներն են` Հայկ Նազարեան եւ Քնարիկ Բրսոյեան, մինչ այս ախոյեանութեան Հայաստան ունի երկու իրաւարար. Էլֆիկ Յովհաննիսեան եւ Աստղիկ Բաբայեան:
Եւրոպական երիտասարդական ողիմպիական փառատօնը իր աւարտին կը հասնի 29 յուլիսին: